2015-07-28 08:57:00

Պատրիարք Սաքօ` ''Կը զգանք ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) 

Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Քաղդէացիներու Պատրիարքը` գերերջանիկ Սաքոն ըսաւ ''Մենք կը զգանք Քահանայապետին մօտիկութիւնը, սէրը ու քրիստոնեայ հաւատացեալներու աղօթքը, սակայն պէտքը ունինք միջազգային հասարակութեան զինեալ ոյժին յաղթահարելու իսլամական պետական ահաբեկչութիւնը''։

Պատրիարքը ներկայիս կը գտնուի Իտալիոյ ''Ելսի'' վայրը որ կը գտնուի Campobasso-ի շրջանին մէջ ընդունելու ''(փոխադրական) գետանաւ, ցեղ եւ հասարակութիւն'' մրցանակը, հիմնուած ի պաշտպանութիւն փոքրամասնութիւններու։ ''Այս մրցանակը բնականաբար անձնապէս ինծի չէ, այլ բոլոր անոնց  որոնք կը գործեն վասն խաղաղութեան եւ երկխօսութեան։ Եւ ոչ միայն քրիստոնեաներուն` այլ բոլորին, նոյնիսկ այն իսլամներուն որոնք կը հետապնդեն լաւագոյն աշխարհ մը ուր բոլորը կարող պիտի ըլլան ապրիլ ուրախութեամբ ու արժանավայել կեանքով - ըսած է պատրիարքը եւ աւելացուցած`''Իրաքի իրավիճակը շատ վատ է  պատերազմի պատճառաւ, որ կը յառաջացնէ բազմաթիւ մահեր, գաղթականներ ու աւերներ։ Այս պատերազմի հետեւանքով քրիստոնեաները սուղ կը վճարեն գինը։ Մեր եկեղեցին այսպէսով դարձած է նահատակ եկեղեցի մը։  Դժբախտաբար քաղաքականութիւնը հետամուտ է տնտեսական շահերու եւ ոչ անհատներու բարօրութեան։ Միջազգային հասարակութիւնը չի փնտռեր խաղաղութիւնը։ Զէնք արտադրել կը նշանակէ պատերազմիլ։ Ուստի հարկաւոր է բարենորոգումը քաղաքականութեան, տնտեսութեան ու կրօնքի։  Քրիստոնեաները իրենց աղօթքով կարող են հրաշք գործել` բարեփոխել սիրտը մարդու եւ քաղաքականութիւնը հրաւիրել դարձի ու հաշտութեան։ Պատրիարք Սաքօ հուսկ ընդգծեց որ Իրաքի քրիստոնեաները կը զգան Քահանայապետին մօտիկութիւնը, հայրական սէրը։ Անոնք մեծ յոյս ունին  որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը օր մը այցելէ իրաքը։ Անոր ներկայութիւնը մեր մէջ մեծ յոյս պիտի արծարծէ քրիստոնեաներուն ու մահմետականներուն։ Քահանայապետը ոչ միայն քրիստոնեաներուն համար խորհրդանիշ մըն է այլեւ մահմետականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.